Թուրքիա - Պատմական Եղելութիւն մը` ՜՜Պատարագ Մատուցուած Է Սումելա Օրթոտոքս Պատմական
Մենաստանին Մէջ։
Առաջին անգամ ըլլալով, 88 տարի ետք պատարագ կը մատուցուի Թուրքիոյ Տրապիզոն շրջանի Սումելա
մենաստանին մէջ։ Արդարեւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը անձամբ կարողացած է պատարագ մատուցել
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ Սումելա մենաստանին մէջ, որ կը գտնուի Տրապիզոնի
հսկայ ժայռի մը վրայ կախուած։ Աւելի քան 1500 ուղղափառ հաւատացեալներ մասնակցած են ծիսակատարութեան,
որոնց 500 ը միայն կարողացած են մենաստանի եկեղեցին մտնել։
Նշենք թէ Սումելայի
մենաստանը դարերէ ի վեր եղած է հաւատացեալներու համար Աստուածամօր մէկ աղօթավայրը ։ 88
տարիներ առաջ թուրք կառավարութիւնը բռնագրաւած էր մենաստանը ու թանգարանի վերածած։